2014-08-17 08:12:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` հարաւային Քորէա հովուական այցելութեան չորրորդ օրը` Ասիայի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպում


Մինչ երէկ` Շաբաթ, 16 օգոստոսին, Սէուլի ''Կուանկուամուն մուտք'' անուան վայրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, ըստ ոմանց 1 միլիոն հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ, գլխաւորեց` Փոլ Եուն Եի Չունկի ու անոր 123 նահատակ ընկերներու երանացման սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Այսօր` Կիրակի, 17 օգոստոսին, կ՛եզրափակէ, Սսիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքը, որուն այս տարուայ բանաբանն է ''Ասիայի երիտասարդութիւն զարթիր. նահատակներու փառքը կու վրադ կը շողայ''։Հաւաքը սկիզբ առած էր 13 օգոստոսին։Վեցերորդ հաւաքի հինգ օրերը ունեցան զանազան առօրեայ խորհրդածութեան նիւթեր եւ վերջին օրուայ եզրափակիչ նիւթն է ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։
Կիրակի 17 օգոստոսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,Սէուլի առաքելական նուիրակութեան մատրան մէջ, մատակարարեց Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնը, անցեալ ապրիլ 2014-ին, Սէուլի ծովուն մէջ պատահած նաւաբեկութեան զոհ`պատանիի մը հօր որ անցեալ օրերուն իղձ յայտնած էր յարիլ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ։
Վերոյիշեալ արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը, 9.45-ին (Հռոմի ժամով առաւօտեան 2.45ին), տեղափոխուեցաւ Հաէմի Սրբավայրը ուր ժամանեց 10.45-ին (3.45) եւ ուղղուեցաւ Հայէմի Սրբավայրը ուր հանդիպում ունեցաւ Ասիայի բոլոր երկիրներէն ժամանած եպիսկոպոսներուն հետ։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ ժամասացութեան աղօթքով որուն յաջորդեց Ասիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի դաշնակցութեան նախագահ եւ Մոմպայի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ոզվալտ Կրասիասի ողջոյնի խօսքը ուղղուած Քահանայապետին որուն մէջ ան խորհրդածութիւն մը ներկայացուց Ասիայի Եկեղեցւոյ դիմագրաւած հիմնական հարցերու եւ անոր առաքելութեան մասին, յայտնելով որ աշխարհի բնակչութեան 60 առ հարիւրը կ՛ապրի Ասիական ցամաքամասին մէջ, եւ այս բնակչութեան մեծամասնութիւնը երիտասարդ է, ուստի Ասիական ցամաքամասը կը հանդիսանայ աշխարհի եւ եկեղեցւոյ ապագայի համար հիմնական մէկ իրողութիւն։
Կարտինալ Կրասիասը ապա անդրադարձաւ Ասիական եկեղեցւոյ յայտնաբերած զարգացումի երեք ասպարէզներուն` մշակոյթներու հետ երկխօսութիւն. Աղքատներու հետ երկխօսութիւն եւ կրօններու հետ երկխօսութիւն, եւ այս առընչութեամբ Ասիայի եկեղեցւոյ դիմագրաւելիք մարտահրաւէները. ''Աշխարհականացում. Ընտանիքն ու անոր էութեան եւ սրբութեան դէմ գործադրուած սպառնալիքներ. Կեանքի իրաւունքի դէմ աճող երեւոյթներ. Եսապաշտութիւնն ու անհատապաշտութիւնը որ կը հակազդեն հասարակաց կեանքին եւ կրօնական համակեցութեան ներդաշնակութեան կորուստը։
Կարտինալ Կրասիաս խօսքին աւարտին, ակնարկելով Քորէայի եկեղեցւոյ կենսունակութեան, յոյս յայտնեց որ ցամաքամասի միւս թեմերը եւս վարակուին անոր օրինակէն։
Կարտինալ Կրասիասի արտասանած խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը իր կարգին ճառ մը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ շեշտը դրաւ Ցամաքամասի մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերին։
Եպիսկոպոսներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Սրբավայրին ճաշասրահին մէջ անոնց հետ բաժնեկցեցաւ սիրոյ ճաշը։








All the contents on this site are copyrighted ©.